2013-06-11 12:05:07

Հաւատոյ Տարի` Աստուածաբանական Առաքինութիւններու Մասին Խորհրդածութեան Երեկոյ։


Հաւատքի տարուայ առթիւ, նախաձեռնութեամբ Յովհաննէս Պօղոս Բ հիմնարկութեան եւ Րէս Մայնէ հաստատութեան, երեքշաբթի 11 յունիսի երեկոյեան ժամը 6-ին, Հռոմի Սուրբ Հոգւոյ նուիրուած Սասսիաի եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ խորհրդածական երեկոյ մը նուիրուած Աստուածաբանական առաքինութիւններուն` Հաւատք , Յոյս , Սէր։
Վերոյիշեալ ձեռնարկին կը մասնակցին հեղինակաւոր Աստուածաբաններ , որուն ընթացքին կ՛ուսումնասիրեն , Աստուածաբանական առաքինութիւններուն կեդրոնականութիւնը մարդու կեանքին մէջ եւ անոր հիմնական դերը՝ հաւատքի ու Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ։
Խորհրդածութիւններու ընդմէջէն պիտի փորձեն պատասխան տալ հաւատացեալներու եւ ոչ հաւատացեալներու հարցադրանքի թէ ''Ինչպէս Աստուածաբանական առաքինութիւններու փորձառութիւնը կարելի է վերահաստատել որպէս մեր առօրեայ ապրելակերպի խարիսխ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.